Իսրայէլեան պաշտօնական երկրորդ հեռուստակայանը ձայնային հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է, որ կ'ըսուի, թէ վարչապետ Նաթանիահուի որդիին՝ Եաիրի խօսքն է, ուղղուած կազի արտադրութեամբ զբաղող խոշոր ընկերութիւններէն մէկուն սեփականատիրոջ որդիին:
Ձայնագրութեան մէջ Եաիր կ'ըսէ. «Հայրս հօրդ համար 20 միլիոն տոլար ապահոված է, իսկ դուն հետս 400 շաքելի սակարկութի՞ւն կ'ընես»:
Աղբիւրին փոխանցմամբ, ձայնագրութիւնը կատարուած է 2015 թուականին, երբ վերջիններս իրենց ընկերներուն հետ գիշերային ակումբներէն մէկէն դուրս եկած կը զրուցէին:
Ձայնագրութեան մէջ զրոյցի մասնակիցները անդրադարձած են նաեւ նշուած երեկոյի ընթացքին մերկապարուհիներու վրայ իրենց ծախսած գումարներու չափին:
Նշենք, որ ընկերային կայքերու էջերուն Եաիրի կատարած ոչ պատշաճ մեկնաբանութիւնները բուռն քննադատութեան ենթարկուած են լրատուամիջոցներու կողմէ: