ՆԱԹՕ-ի Գագաթաժողովին մասնակցելու նպատակով Վարշաւա գգտնուող ՀՀ նախագահը հանդիպում ունեցած է ԱՄՆ պետքարտուղար Ճոն Քէրիին հետ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան վարչութիւնը: Աղբիւրը կը նշէ, որ հանդիպման կողմերը մասնաւորապէս քննարակած է ղարաբաղի հիմնահարցին կապուած վերջին զարգացումները: ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան այս առումով բարձր գնահատած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խումբի համանախագահներուն, որոնց մէջ նաեւ ԱՄՆ ներկայացուցիչին ցոյց տուած վերաբերմունքը խնդրի լուծման համար: Ան նոյնպէս երախտագիտութիւն յայտնած է ԱՄՆ ԱԳ նախարար Ճոն Քէրիին, վերջինիս անցնող ապրիլին ղարաբաղեան սահմանին տեղի ունեցած զինուորական վտանգաւոր զարգացումներուն առընթեր ցոյց տուած հասկացողութեան եւ խաղաղութեան վերահաստատման վերաբերեալ տարած կարեւոր ճիգերուն համար: