image

Նախագահ Քլինթըն «Ֆէլէֆիլ» ուտելով կը մասնակցի ընտրարշաւին

Նախագահ Քլինթըն «Ֆէլէֆիլ» ուտելով կը մասնակցի ընտրարշաւին

ԱՄՆ Նախկին նախագահ Պիլ Քլինթըն այցելութիւն տուած է Միջիկըն նահանգ եւ շփումներ ունեցած քաղաքին մէջ ապրող իսլամ արմատներով քաղաքացիներուն հետ: Քլինթըն այցելած է Տիրպորն քաղաքի «Ալ Մուսթաֆա» շուկայ, ուր ճաշած է լիբանանեան ճաշարանի մը մէջ: Կը նշուի, որ այդ ճաշարանին մէջ պատրաստուած հիմնական ճաշը ՝ Ֆէլէֆիլն է: Ըստ փորձագէտներու նախագահական թեկնածու Հիլըրի Քլինթըն եւ իր համախոհները մեծ թիւով քուէներ կը սպասեն Միջիկընէն տրուած ըլլալով, որ հոն կ'ապրին Միջին Արեւելքէն ԱՄՆ ապաստանած մեծ թիւով իսլամ- ամերիկացիներ:

Յիշեցնենք, որ այս առաջին անգամը չէ, որ դեմոկրատական կուսակցութիւնը կը փորձէ օգտուիլ իսլամ- ամերիկացիներու քուէներէն: