Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան հրաւիրած է սահմանադրական բարեփոխումներուն նուիրուած ընդլայնուած խորհրդակցութեան, կը տեղեկացնէ ԼՂՀ նախագահական կայքը: Բակօ Սահակեան բաւարար գնահատած է Սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնաժողովի իրականացուցած մեծածաւալ աշխատանքը, աւելցնելով, որ ներկայացուած նախագիծը կու տայ մեր հանրային ու քաղաքական մտածողութեան մէջ շրջանառուող հարցերու պատասխանները:
ԼՂՀ Նախագահը ընդգծած է, որ սահմանադրական բարեփոխումները ժամանակի պահանջ են եւ նպատակ ունին աւելի ամրապնդելու երկրի մէջ մարդու հիմնական իրաւունքներն ու ազատութիւնները, ժողովրդավարութիւնը եւ իրաւունքի գերակայութիւնը, կատարելագործելու իշխանութեան ճիւղերու հաւասարակշռում, բարձրացնելու պետական կառավարման արդիւնավետութիւնը: