Հայաստանի մէջ այս առաւօտ սկիզբ առած հանրաքուէն հասած է իր լրումին: Կեդրոնական ընտրական յանձանժողովի հրապարակած վերջին տուեալներով այսօր Ժամը 17:00-ի դրութեամբ քուէարկութեան մասնակցած է ընտրողներուն 39.17 տոկոսը, կամ` 1,005,333 ընտրող:Ըստ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի տուեալներուն` ամենաշատ մասնակցութիւնը արձանագրուած է Սիւնիքի մէջ` 51.11 տոկոս, ապա Արարատի եւ Վայոց ձորի մէջ` համապատասխանաբար 50.52 եւ 45.14 տոկոս:Ամենաքիչը՝ Շիրակի մարզին մէջ, ուր ընտրողներուն միայն 31.82 տոկոսը մասնակցած է:Երեւանցիներուն 36.10 տոկոսը մասնակցած քուէարկութեան:ԿԸՅ-ի հրապարակած տուեալներուն համաձայն, հանրաքուէին մասնակցելու իրաւունք ունի 2,566,730 ընտրող: