image
Հրատապ լուրեր:

Մոսկուան կը հակազդէ Թուրքիոյ «Քարիւղ չլեցնել կրակին վրայ»

Մոսկուան կը հակազդէ Թուրքիոյ «Քարիւղ չլեցնել կրակին վրայ»

Լիբանանեան «Ալ Ախպար»ը կը գրէ.

Ռուսաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը յայտարարած է, թէ Սուրիայէն եւ Լիպիայէն զինեալ խմբաւորումներ տեղակայուած են Լեռնային Ղարաբաղի սահմանին:

Յայտարարութեան մէջ կը կարդանք. «Անօրինական զինեալ խմբաւորումներու մարտիկները, յատկապէս Սուրիայէն եւ Լիպիայէն, տեղակայուած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին վրայ՝ մարտերուն մասնակցելու համար»:

ԱԳՆ յայտնած է, որ «կատարուած գործողութիւնները անհանգստութիւն կը պատճառեն եւ կրնան տանիլ հակամարտութեան լարուածութեան աճին» ամբողջ տարածաշրջանին մէջ:

Այս մէկը զուգադիպեցաւ Քրեմլի կողմէ Անգարայի գործողութիւններուն մերժումին հետ, որով Մոսկուան դժուար, բայց հաւասարակշռուած յարաբերութիւններ կը շարուանակէ պահել Անգարայի հետ: ԱԳՆ կոչ ուղղած է զերծ մնալ «կրակին վրայ քարիւղ լեցնելէն: