«Times» թերթը յօդուած մը հրապարակած է, ուր վկայակոչելով Մոսկուայի իր թղթակիցը յայտնած է, թէ նախագահ Փութին կ'ամրապնդէ Միջին Արեւելքի մէջ իր ծովային կայանները:
Ըստ թերթին, Մոսկուա մտադիր է Թարթուսի նաւահանգիստին մէջ տեղակայուած իր ռազմակայանը ընդլայնել, որպէսզի կարողանայ առաւել մեծ թիւով ծովային նաւատորմեր ընդունիլ:
Նշենք, որ Թարթուսի ռազմակայանը Ռուսիոյ միակ ծովային կայանն է արտերկրի մէջ, որ Խորհրդային Միութեան օրերէն մնացած է, եւ կ'օգտագործուի մատակարարման նպատակներով:
Ռազմակայանը, որ ներկայիս չորս միջին չափի նաւեր ընդունելու չափով տարածութիւն ունի, պիտի ընդլայնուի, 11 նաւ ընդունելու յարմարելու համար:
Թերթին փոխանցմամբ, Դամասկոս իր հաւանութիւնը տուած է ծովային ռազմակայանի ընդլայնման, համարելով, որ այն Ռուսիոյ կողմէ Սուրիոյ ճգնաժամի յաղթահարման ուղղութեամբ իրականացուած աջակցութեան փոխհատուցումն է: