Թրքական «Րատիքալ» թերթին փոխանցմամբ Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութեան թղթածրարներու միացման ընթացքին երեւան հանուած է նաեւ փաստաթուղթ մը, որ ցոյց կու տա, թէ Ազգային Ապահովութեան խորհուրդը որոշած էր պայքարիլ քրիստոնէութեան քարոզչութիւն ընող միսիոներական շարժումի դէմ: Տինքի սպանութեան դատապարտութեան այդ շրջանի դատախազ Մուամմար Աքքաշ, որ ներկայիս խոյս տուած է, ուզած էր, որ քննարկուի Ազգային Ապահովութեան խորհուրդի կողմէ ընդունուած կանոնագրութիւն մը, որ թղթածրարին մէջ դրուած էր որպէս «պետական գաղտնիք»:
Այս տուեալներու համաձայն, տակաւին 2002 թուականէն սկսեալ Ազգային Ապահովութեան խորհուրդը պահանջած էր, որ անհրաժեշտ միջոցառումներ ընդգրկուին միսիոներական շարժումի դէմ, որ երկրին մէջ հետզհետէ կը ծաւալի: Այս ուղղութեամբ նախատեսուած են բազմաթիւ միջոցառումներ, որոնց կարգին կան հետեւեալները.
-Լեցնել օրէնքի պարապութիւնը, որպէսզի այսուհետեւ արգիլուի բնակարաններու կամ նմանօրինակ տեղերու մէջ աղօթատեղիի բացումը եւ այս տեղերը պաշտամունք ընելը: Կալուածներու սեփականատիրութեան օրէնքի մէջ փոփոխութիւն մտցնել, որպէսզի ճշդուի թէ կարելի չէ աղօթատեղի հիմնել բնակելի տուներու մէջ:
-Օտարներու կողմէ երկրին մէջ բացուած վարժարաններուն մէջ արգիլել կրօնական պաշտամունքի արարողութիւնները:
-Միջոցներ ձեռք առնուին, որպէսզի քրիստոնէութեան քարոզչութիւն չկատարուի գիրքերով, պարբերաթերթերով, լրագիրներով, առձեռն ծանուցումներով, ձայներիզներով, այս տեսակէտով փոփոխութիւններ ներմուծել նաեւ ձայնասփիւռի ու հեռատեսիլի օրէնքներու մէջ եւ կանխարգիլել միսիոներական ամէն տեսակ գործունէութիւն:
-Արգելք դրուի աղէտներու ու նմանօրինակ արտակարգ գոյավիճակներու պարագային մարդասիրական օժանդակութիւն կատարելու պատրուակին տակ քրիստոնէութեան քարոզչութիւն ընողներուն առջեւ:
-Քրիստոնէութեան քարոզչութիւնը պէտք է արգիլուի որբերու կամ անօգնական մանուկներու համար բացուած ճամբարներու, սէմինարներու, ամառնային ճամբարներու եւ եիտասարդական հաւաքոյթներու մէջ: Կրթական նախարարութեան լիազօրութիւն պէտք է տրուի այս տեսակ տեղերը փակելու ուղղութեամբ:
-Միջոցներ ձեռք առնուին այն կազմակերպութիւններուն կամ անձերուն դէմ, որոնք մարդոց կրօնական վարանումներէն օգտուելով կը կարթեն ու զանոնք կ'առնեն իրենց կրօնական քարոզչութեան շրջանակին մէջ:
-Կարելիութիւն չտրուի, որպէսզի կալուածեր գնեն այն օտար անձերը ու հաստատութիւնները, որոնք Թուրքիոյ զբօսաշրջական վայրերուն մէջ, մասնաւորաբար արեւելեան ու հարաւ-արեւելեան Անատոլուի մէջ կալուածներ կը գնեն միսիոներական գործունէութիւն յառաջ տանելու նպատակով:
-Հակակշռի տակ առնուին այն ուսուցիչները, ուսանողները, գիտնականները, լրագրողները կամ նմանօրինակ ասպարէզներու մարդիկը, որոնք ուսումնասիրութիւններու, կամ թէզ պատրաստելու, շարժանկարի ժապաւէն դարձնելու եւ այլ նպատակներով Թուրքիա կու գան ու կրօնական քարոզչութիւն կ'ընեն:
-Ներքին նախարարութիւնը պէտք է համալսարանները լուսաբանէ միսիոներական զանազան գործունէութիւններու կապակցութեամբ:
-ՄԻԹ-ը եւ Ներքին նախարարութիւնը պէտք է հետեւողական կերպով հետապնդեն համալսարաններէ ներս պաշտօն ստաձնած օտար դասախօսներու գործունէութիւնը: Պէտք է կանխուի նաեւ համացանցի վրայէն կատարուած միսիոներական գործունէութիւնը:
Որքան որ կը հասկցուի, Թուրքիոյ «Ազգային Ապահովութեան խորհուրդ»ի կողմէ ընդունուած վերոյիշեալ փաստաթուղթը նոր բան մը չէ, թերեւս ալ առաջին անգամ չէ, որ կը հրապարակուի այդ փաստաթուղթը, բայց անիկա լրագրող Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութեան թղթածրարներուն մէջ մտնելով մտածել կու տայ, թէ երկրի իշխանութիւնները հինէն ի վեր անհանգստութիւններ ունեցած են Թուրքիոյ մէջ քրիստոնէական շարժումներու ու քարոզչութեան առնչութեամբ: