image

Միացեալ Նահանգներ կը քննէ Կիւլէնի ճամբորդելու դէմ արգելքներ դնելու ընտրանքը

Միացեալ Նահանգներ կը քննէ  Կիւլէնի  ճամբորդելու դէմ արգելքներ դնելու ընտրանքը

Թուրքիա - («Միլլիյէթ»- Պոլիս)Միացեալ Նահանգներ կը քննարկէ       Թուրք կրօնական գործիչ Ֆէթհիւլլա  Կիւլէնի    ճամբորդելու դէմ   արգելքներներ դնելու       միջոցները: Այս մասին  խօսած է Սպիտակ  Տան բանբեր Մարք Թոնըր: Թոնըր նոյնպէս  ըսած է, թէ իրենք     Կիւլէնի վերաբերեալ  կարեւոր փաստաթուղթեր ստացած են  Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարութիւնէն եւ  պիտի  շարժին այդ հիմքերով: «Առանց  ճշդելու տուեալ անցի մը   յանցագործ կամ մեղադրեալ ըլլալը, մենք չենք կրնար   անոր դէմ  ճամբորդելու  արգելքներ  դնել» ըսած է  Թոնըր: Նշենք, որ Պոլսոյ մէջ գործող  դատարան մը նախնական  ամբաստանագիր հրապարակելով առաջարկած էր   Կիւլէնը   1900   տարիով բանտարկել: