image

«Մերքէլի Թուրքիա այցի նպատակն է 2 երկիրներու միջեւ ստեղծուած լարուածութեան թօթափումը».Yeni Akit

«Մերքէլի Թուրքիա այցի նպատակն է 2 երկիրներու միջեւ ստեղծուած լարուածութեան թօթափումը».Yeni Akit

«2016-ի 15 յուլիսին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած յեղաշրջման փորձէն ետք ԱՄՆ փոխնախագահ Ճո Պայտընի ու Անգլիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյի այցերէն ետք 3-րդ կարեւոր պաշտօնական այցը Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլինն է»,- նկատել կու տայ թրքական «Yeni Akit» թերթի կայքը` աւելցնելով, որ այցի նպատակը վերջին շրջանին 2 երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ առաջացած լարուածութեան թօթափումը պիտի ըլլայ:

Մերքէլ նախ պիտի այցելէ Թուրքիոյ խորհրդարան, ապա պիտի հանդիպի նախագահ Էրտողանի ու վարչապետ Եըլտըրըմի հետ: Հանդիպումներու ժամանակ թրքական կողմը օրակարգ պիտի բերէ ՆԱԹՕ-ի մէջ ծառայող բարձրաստիճան թուրք զինուորականներու թեման, որոնցմէ 40-ը Գերմանիայէն քաղաքական ապաստան խնդրած են: Անոնց անունները կը կապուին Թուրքիոյ մէջ 15 յուլիսի յեղաշրջման փորձը նախաձեռնելու մէջ մեղադրուող Ֆէթհուլլա Կիւլէնի ղեկավարած կազմակերպութիւններու (FETÖ) անդամ ըլլալու մէջ:

Դարձեալ պիտի քննարկուի կիւլէնականներու հետ կապուած ու Թուրքիոյ մէջ հետախուզուող թուրք դատախազներ Զեքէրիա Օզի եւ Ճելալ Քարայի հարցը, որոնք թրքական կողմի պնդմամբ ապաստանած են Գերմանիա:

Թուրքիոյ մէջ դատական հետապնդումներու ենթարկուելու պատճառով Գերմանիոյ մէջ ապաստանած ու քաղաքացիութիւն ստացած յայտնի թուրք լրագրող «Cumhuriyet» ընդդիմադիր թերթի նախկին գլխաւոր խմբագիր Ճան Տիւնտէրի թեման նոյնպէս դուրս պիտի չմնայ օրակարգէն:

Ըստ աղբիւրի, թրքական կողմի պահանջով օրակարգ պիտի բերուի նաեւ «Քուրտիստանի բանուորական կուսակցութեան» (PKK) Գերմանիոյ մէջ գտնուող 4.500 ներկայացուցիչներու գործը:

Հանդիպումներու ժամանակ պիտի խօսուի նաեւ սահմանադրական փոփոխութիւններու վերրաբերեալ Թուրքիոյ մէջ ապրիլին սպասուող հանրաքուէի եւ Գերմանիոյ մէջ սեպտեմբերին կայանալիք համապետական ընտրութիւններու մասին:

Կը սպասուի, որ Մերքէլ անհանգստութիւն յայտնէ քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» (HDP) պատգամաւորներու ձերբակալութիւններու կապակցութեամբ եւ յորդորէ քրտական հարցը լուծելու համար կրկին հաշտեցման գործընթաց սկսիլ: