Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլը քննադատած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թաէպ Էրտողանը փախստականներու առջեւ Եւրոպայի դռները բանալու համար, կը հաղորդէ Bloomberg-ը:
«Ես կը հասկնամ Թուրքիոյ կառավարութեան եւ նախագահ Էրտողանին. ան կ'ակնկալէ աւելին Եւրոպայէն»,-ըսած է Մերքէլը լրագրողներուն: «Սակայն ես անընդունելի կը գտնեմ, որ նախագահ էրտողանն ու անոր կառավարութիւնը չարտայայտեր այդ անբաւարարութիւնը մեզ՝ ԵՄ-ին, փոխարէնը կը բարդէ այդ փախստականներու ուսերուն: Այդ սխալ ճանապարհ է»:
Մերքէլը յայտարարած է, որ պիտի շարունակէ բանակցութիւնները թուրք գործընկերներուն հետ՝ փորձելով կարգաւորել իրավիճակը, եւ պիտի շարունակէ երկկողմանի աջակցութիւնը, եթէ չյաջողի կնքել գործարք ԵՄ-ի մակարդակով:
Յունաստանի կառավարութիւնը յայտարարած է, որ կանխած է վերջին երկու օրուան ընթացքին սահմանը հատելու աւելի քան 24 000 փորձ, եւ ձերբակալած հատել փորձող 183 մարդ:
ԵՄ Frontex սահմանային հսկողութեան գործակալութիւնը համաձայնած է ուղարկել սպաներ Յունաստանի անվտանգութեան ուժերուն օգնութիւն ցուցաբերելու համար, մինչդեռ ԵՄ հիմնական կազմակերպութիւններու ղեկավարները պիտի այցելեն Թուրքիոյ հետ սահման երեքշաբթի, որմէ ետք պիտի կայանայ ԱԳ նախարարներու արտահերթ հանդիպումը: