Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլ Անգարայի մէջ հանդիպում ունեցած է Թուրքիոյ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներէն Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան նախագահ Քեմալ Քըլըչտարօղլուի հետ: Թրքական «Անատոլու» գործակալութեան համաձայն, 50 վայրկեան տեւած հանդիպման Քըլըչտարօղլու Մերքէլի հետ քննարկած է Թուրքիոյ ներքին եւ արտաքին քաղաքական խնդիրները, երկրի մէջ սահմանուած արտակարգ դրութիւնը եւ յառաջիկայ սահմանադրական փոփոխութիւններու վերաբերեալ հանրաքուէի հարցը:
CHP-ի նախագահը Գերմանիոյ վարչապետին ներկայացուցած է Թուրքիոյ մէջ 15 յուլիսի յեղաշրջման փորձէն ետք ստեղծուած իրավիճակը, ընդգծելով, որ իր կուսակցութիւնը մեծ սպասումներ ունի Թուրքիոյ եւ Եւրոմիութեան յարաբերութիւններու զարգացումներէն:
Մերքէլը հանդիպում ունեցած է նաեւ քրտամէտ Ժողովրդադեմոկրատական կուսակցութեան անդամներէն, ազատազրկման մէջ գտնուող պատգամաւոր Իտրիս Պալուքէնի հետ:
Նշենք, որ Անգարա այցելութենէն ետք Մերքէլ պիտի մեկնի Մալթայի մէջ կայանալիք ԵՄ գագաթնաժողովին, ուր պիտի քննարկուի Եւրոպական միութեան ապագան՝ առանց Մեծն Բրիտանիոյ: