image

Մեր թերթին դէմ ուղղուած մեղադրանքները անընդունելի են. Ճան Տիւնտէր

Մեր թերթին դէմ ուղղուած մեղադրանքները անընդունելի են. Ճան Տիւնտէր

Թուրքիոյ մէջ այլախոհներու դէմ իրականացուող ճնշումներու ներկայիս ալիքը կը փորձարկէ Եւրոպայի համար, այդ կարգին` Գերմանիոյ:Գերմանական «Տէօչէ վէլլէ»ի հաղորդմամբ՝ նման կարծիք յայտնած է թրքական Cumhurriyet ընդդիմադիր թերթի նախկին գլխաւոր խմբագիր Ճան Տիւնտարը:


«Գերմանիան եւ Եւրոպան պէտք է որոշեն, թէ որ կողմը կը գտնուինժողովրդավարութեա՞ն, թէ ճնշումներու, կը ցանկան արդեօք Թուրքիան տեսնել որպէս ճնշող ռեժիմ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, թէ՞ որպէս ժողովրդավար եւ ազատ երկիր»,- ըսած է Տիւնտարը`գերմանական պարբերականին տուած հարցազրոյցի ընթացքին:


Ան ծիծաղելի անուանեց Անգարայի ներկայացուցած հիմնաւորումը Cumhurriyet  թերթի ներկայիս խմբագիր Մուրատ Սապանճուին ձերբակալելու համար: Տիւնտարի խօսքով` Cumhurriyet-ը իր ողջ պատմութեան ընթացքին եւ յատկապէս վերջին 20-30 տարիներուն պայքարեցաւ իսլամական քարոզիչ Ֆէթհուլլահ Կիւլէնի շարժման դէմ: 

«Եւ եթէ իշխանութիւնները այս թերթը կը մեղադրեն «կիւլէնականութեան» մէջ,ապա այդ մեղադրանքին ոչ կը հաւատայ»,- ընդգծած է Տիւնտէր:

Յիշեցնենք, որ Մուրատ Սապանճուին ձերբակալելու մասին յայտնի դարձած էր 31 հոկտեմբերին, որմէ ժամեր անց խմբագրի ձերբակալութիւնը դատապարտող ելոյթով հանդէս եկած է Եւրախորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլցը եւ ԱՄՆ Պետ.Քարտուղարութիւնը: