image

Մեր նպատակը նաեւ Արմիսի բարձր արուեստը ճանչցընելն էր. Տիպար Աբարթեան

Մեր նպատակը նաեւ Արմիսի բարձր արուեստը ճանչցընելն էր. Տիպար Աբարթեան

«Արեւելք»ի հարցերուն  կը պատասխանէ բնիկ  Հալէպցի եւ  երկար տարիներէ ի վեր Փարիզ հաստատուած գեղանկարիչ՝ Տիպար Աբարթեանը:

 

-Ի՞նչ նպատակով կը գտնուիք Երեւան, կրնա՞ք մեզի որոշ մանրամասնութիւններ տալ:

Ամերիկայի հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութիւնը (AMAA) իր  100-ամեայ տարեդարձը կը տօնէ այս տարի եւ որոշած էին այդ առթիւ Երեւանի մէջ ցուցահանդէս մը կազմակերպել,  ուր հայ աւետարնական համայնքի արուեստագէտ զաւակներուն՝ նկարիչ, լուսանկարիչ, քանդակագործ, գործերը ցուցադրեն:

Ես ալ որպէս աւետարանական համայնքի զաւակ եւ նկարիչ, այդ առիթով է, որ կը գտնուիմ Երեւան, մասնակցելու համար հիմնական ցուցահանդէսին: Անշուշտ հաճելի  էր անգամ մը եւս  ըլլալ  այստեղ, որովհետեւ ես ալ տարիներ առաջ ուսումս հոս ստացած եմ եւ ամէն անգամ որ առիթ  ըլլայ, կը փափաքիմ այստեղ  գտնուիլ:

 

-Պրն. Աբարթեան, ինչպէս կը մեկնաբանէք միայն  աւետարանական համայնքի անդամներու մասնակցութեամբ ցուցահանդէս բանալու գաղափարը: Ինչ  կրնա՞ք ըսել  այդ առումով:

Գաղափարը խտրականութիւն ընելը չէր, այս ցուցահանդէսը կ'իրականցուի Ամերիկայի հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան (AMAA) 100-ամեակին նուիրուած միջոցառումներուն ծիրէն ներս, հետեւաբար գիտնալով, որ հայ աւետարանական համայնքին մէջ անցեալին եւ այսօր եղած են մեծ թիւով արուեստագէտներ,   մեր մարմինները գաղափարը  մտայղացած են գտնել անոնց գործերը, հաւաքել եւ  հանրութեան   ներկայացնել: Այս առթիւ, ըսեմ նաեւ, որ ցուցադրուող գործերը  կրօնական թեմաներով    պատրաստուած  գործեր չեն այլ աւետարանական համայնքին անդամ արուեստագէտներու գործեր են, որովետեւ մեր համայնքի զաւակներուն մէջ եղած են յայտնի դէմքեր, ինչպէս օրինակ Արմիսը, որ շատ մեծ, հսկայ պատմութիւն ունի, ինչպէս նաեւ Տօքթ. Ճէպէճեանը, որ Հալէպի մէջ մեծ աշխատանք տարած է, կը նկարէր, գեղարուեստի  ակադեմիա բացած էր: Ցուցահանդէսին նպատակը անոնց աշխատանքները  ներկայացնելն էր եւ անոնց կողքին համայնքի ներկայ սերունդի, ժամանակակից արուեստագէտներու գործերը, աշխատանքը, մշակումները ցուցադրելը:

Ըսեմ նաեւ, որ այս մտայղացումը Վրէժ Քասունիին էր, ան որպէս արուեստագէտ այդ գաղափարը յղացաւ, որ ինչու  այս առիթով չգտնենք այն արուեստագէտները, որ մեր՝ աւետարանչական ընտանիքին կը պատկանին եւ անոնց կողքին Արմիսի գործերը ցուցադրենք, առաջին անգամ ըլլալով հանրութեան ներկայացնենք:   Ի վերջոյ Երեւանի մէջ Արմիսի ցուցահանդէս երբեք չէ եղած, հակառակ անոր, որ անոր  գործերէն կային պատկերասրահին  մէջ, այս առիթով հանրութիւնը կը տեսնէ եւ ճանչնայ Արմիսի գործերը:

 

- Մի քանի անգամ նշեցիք Արմիսի անունը, ինչո՞վ կը յատկանշուի Արմիսը, կրնաք ձեր արուեստագէտի հայեացքով կարծիք մը տալ մեր ընթերցողներուն:

Արմիսը եղած է մեր եկեղեցւոյ հովիւներէն մէկը: Ան Հալէպէն գացած էր Փարիզ (1930 թ.), իր ստեղծագործական տարիներուն արուեստի մէջ յեղափոխութեան շրջան էր, երբ դեռ նոր արուեստը դասականէն դէպի էքսփրեսիոնիզմ կ'երթար: Ճիշդ այդ ժամանակին ինք որպէս հայ նկարիչ առաջիններէն էր, որ «արուեստի  յեղափոխութեան» մաս կազմեց, իւրայատուկ ձեւով փոխեց  դասական նկարչութիւնը եւ շատ նշմարելի կերպով իր յատուկ ոճը ստեղծեց:

Ուրեմն Արմիս եղած է այդ անձերէն, որ իր արուեստով յեղափոխութիւն ըրած է այդ ժամանակուայ ոճին մէջ եւ իր իւրայատուկ ոճը ստեղծած է, շատ յստակ գիծերով, ֆորմերով, դէմքերով: Ան ահագին գործեր արտադրած է,  մասնակցած է   ցուցահանդէսներու  , ունեցած է իր ինքնատիպ, իւրայատուկ ոճ, որ իր ժամանակին համար յեղափոխութիւն էր:


 


 

 

-Դուք որպէս Աւետարանական համայնքի անդամ, ինչպէ՞ս կ'ընկալէք Հայաստանի մէջ ժողովուրդին մօտեցումը այս համայնքին հանդէպ, այստեղ կարծես ժողովուրդը տակաւին չի ճանչնար այս համայնքը, այդ առոմով ի՞նչ ըսելիք ունիք, զգացի՞ք այդ մէկը:

Ինչ որ կը նկատեմ, այսօր արդէն մեծ փոփոխութիւն կայ ժողովուրդին մօտ Աւետարանական համայնքի ճանաչելիութեան առումով: Ես երբ հոս՝ Երեւան, ուսանող էի, այդ շրջանին շատ աւելի խորթ էր աւետարանական եկեղեցիի ներկայութիւնը Երեւանի մէջ, իսկ այսօր շատ բան փոխուած է:Կը խորհիմ, որ ժողովուրդին մեծ մասը արդէն ծանօթ է եւ ընտելացած  է համայնքին   եւ  անոր տարբեր եկեղեցիներուն հետ: Հասարակութեան կարեւոր մէկ մասը շատ լաւ կը ճանչնայ  եւ  ծանօթ  հայ աւետարանական եկեղեցիին իրականացուցած ձեռնարկներուն:   ի վերջոյ ժողովուրդը այսօր աւելի ծանօթ է եւ շատ  հարազատ կը զգայ այս համայնքին, քան ասկէ 20-30 տարիներ առաջ: