Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին վերաբերեալ հայկական կողմի գերխնդիրը սեփական բնօրրանի հանդէպ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշումն է: «Բազէ-2016» երիտասարդական համահայկական հաւաքի մասնակիցներու հետ հանդիպման ըսած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը՝ պատասխանելով հակամարտութիւնը փոխզիջումներու եղանակով կարգաւորելու վերաբերեալ մասնակիցներէն մէկու հարցին:
«Երկրագնդի վրայ շատ ազգեր, օրինակ, Քոսովոյի բնակչութիւնը, ինքնորոշուած է ոչ իր բնօրրանէն ներս: Եւ արցախցին հայկական լեռնաշխարհի մէջ, իր բնօրրանի մէջ ինքնորոշուելու իրաւունք ունի: Եթէ չկայ ինքնորոշում կամ միաւորում Հայաստանի Հանրապետութեան հետ, ապա մնացած բոլոր փոխզիջումներու մասին խօսիլը անիմաստ է»,-նշած է Օհանեան:
Ան նաեւ յայտնած է, թէ՝ այն պարագային երբ Ազրպէյճանը կը մերժէ վստահութեան մեխանիզմներու ձեւաւորումը, դիտարկումներու համար միջազգային հետաքննութեան պայմաններու ստեղծումը, եւ կը փորձէ խօսիլ ուժի տեսանկիւնէ, հակահայկական յայտարարութիւններ կ'ընէ, փոխզիջումներու մասին խօսիլը անիմաստ կ'ըլլայ:
«Ես միշտ ըսեր եմ եւ կ'ըսեմ` եթէ Արցախին բան մը պատահի, մինչեւ վերջին թիզ հողը մենք պիտի պաշտպանենք»,- եզրափակած է նախարարը: