Ըստ նախնական տուեալներու Մէնհէնթընի մէջ գրանցուած ահաբեկչութեան հեղինակը Ուզպէք մըն է: Այս մասին լուրը փոխանցեց Sky News -ը յայտնելով, որ Նիւ Եորքի ոստիկանութիւնը յաջողած է ձերբակալել 29-ամեայ անձ մը,որ կը կոչուի Սէյֆ Ալլա Սայիպով: Աղբիւրը, որ հակասական տեղեկութիւններ փոխանցեց ձերբակալեալին մասին նաեւ յիշատակեց, որ ան Միացեալ Նահանգներ մուտք գործած է 2010 թուականին եւ 7 տարիէի ի վեր կը բնակէր Ֆլորիտա նահանգին մէջ ու որպէս վարորդ կ'աշախատէր «Ուպէր» ընկերութեան մէջ:
Յիշեցնենք, որ երէկ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան հետեւանքով սպաննուած էին 8 անձեր, իսկ վիրաւորներուն թիւը հասած էր 10-ի:
Լրատուական աղբիւրներ հաղորդեցին, որ դէպքը ամէնէն ծանրակշիռ ահաբեկչութիւնն է 9/11 սեպտեմբերի դէպքերէն ի վեր: