Ի յիշատակ աշխարհահռչակ շանսոնիէ Շարլ Ազնաւուրի՝ այսօր՝ ժամը 12:00-ին, հնչեցին Երեւանի բոլոր եկեղեցիներու զանգերը եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ:
Շարլ Ազնաւուրի յիշատակին Հայաստանի եւ Արցախի մէջ յայտարարուած սգոյ օրը նաեւ իջեցուցին ՀՀ դրօշները եւ դրօշի վերի մասը ամրացուեցան սեւ ժապաւէններ:
Արտաքին գործերի նախարարութեան մէջ եւ արտերկրի ՀՀ դեսպանութիւններու մէջ եւ հիւպատոսութիւններու մէջ բացուած են սգոյ մատեաններ: Երկրի եւ հեռուստատեսային եթերի մէջ դադրեցուցած են զուարճալի եւ ժամանցային միջոցառումներն ու հաղորդումները: