Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» թերթը յօդուած մը հրապարակած է, ուր անդրադարձած է Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի մէջ պատերազմ յայտարարուելու պարագային լիբանանեան կողմի հակազդեցութեան հաւանականութիւններուն:
Յօդուածագիրը շեշտած է, որ «Հըզպալլա»ին ձեռնտու չէ նոր պատերազմական գործողութիւններու մէջ մտնել, որովհետեւ Սուրիոյ պատերազմին երկու հազար զինեալ կորսնցուցած է եւ մեծ թիւով վիրաւորներ ունի, մինչդեւ իրանեան կողմը աջակցութիւնը նուազեցուցած է:
Յօդուածագիրը միաժամանակ վկայակոչած է արեւմուտքի վերլուծաբաններու յայտարարութիւնները, թէ Սուրիոյ մէջ գտնուող իր ռազմական կառոյցներու մեծ մասի կրած վնասներէն ետք Իրանեան յեղափոխութեան պահակազօրն իր նպատակաուղղուածութիւնը շեղած է դէպի Լիբանան, իսկ ինչ կը վերաբերի «Հըզպալլա»ին, ան Հարաւային Լիբանանի մէջ հազարներով հրթիռներ ունի, որոնց միջոցով կրնայ Հայֆայի եւ Թէլ Աւիւի յստակ նշանակէտեր թիրախաւորել:
Յօդուածագիրը յիշել տուած է, թէ լիբանանեան խորհրդարանական ընտրութիւններէն ընդամէնը մէկ շաբաթ անց՝ 12 մայիսին Թրամբի կողմէ պիտի որոշուի իրանեան միջուկային համաձայնագիրի վերջնական ճակատագիրը, ինչպէս յայտարարած էր ԱՄՆ նախագահը:
Իսրայէլեան աղբիւրներուն պնդմամբ, «Հըզպալլա» խորհրդարանական աթոռներու 70 տոկոսին պիտի տիրանայ: