image
Հրատապ լուրեր:

Մարտունիի մէջ եղածը յանցագործութիւն է. Արտակ Բեգլարեան

Մարտունիի մէջ եղածը յանցագործութիւն է. Արտակ Բեգլարեան

Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը իր փաստահաւաք առաքելութեան ծիրէն ներս տեղեկութիւններ ստացած է, որ 1 հոկտեմբերին, Մարտունի քաղաքին մէջ ատրպէյճանական զինուած ուժերու կողմէ քաղաքացիական բնակչութեան թիրախաւորման հետեւանքով զոհուած է 4 եւ վիրաւորուած 11 քաղաքացիական անձ: Վիրաւորներէն ոմանք լրագրողներ են, երկուքը՝ ֆրանսական «Լը Մոնտ» թերթի լրագրողներ՝ Եաղոպզատէն Ռաֆայէլ Շարլզը եւ Ալան Քաւալը:

Պաշտպանը այցելած է վիրաւոր լրագրողները, որոնցմէ մէկուն վիճակը ծանր է եւ այժմ կ'ենթարկուի հրատապ վիրահատութեան:

Ճշդուած տեղեկութիւններով՝ Ատրպէյճանը դիտաւորեալ ու հասցէական կերպով թիրախաւորած է Մարտունի քաղաքի կեդրոնի քաղաքացիական կառոյցները «Կրատ» համազարկային կրակի համակարգով:

«Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը խստագոյնս կը դատապարտէ Ատրպէյճանի կողմէ քաղաքացիական բնակավայրերու եւ ենթակառուցուածքներու, ինչպէս նաեւ լրագրողներու թիրախաւորումը եւ կոչ կ'ընէ միջազգային հանրութեան համապատասխան գնահատական տալու Ատրպէյճանի կողմէ կատարուող պատերազմական յանցագործութիւններուն:

Պաշտպանը կը դիմէ միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններուն, որ հրատապ այց կազմակերպեն Արցախ, տեղւոյն վրայ փաստահաւաք առաքելութիւն իրականացնելու եւ Արցախի ժողովուրդի կեանքին եւ առողջութեան սպառնացող վտանգները կանխելու համար: Կը բաւէ յանցաւոր լռութեամբ կամ քաղաքական անհիմն փաստարկներով խուսափիլ սեփական պատասխանատուութենէն Արցախի բնակչութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցով:

Խիստ անընդունելի է, երբ միջազգային կազմակերպութիւնները աչք կը փակեն նման պատերազմական յանցագործութիւններու առջեւ՝ քօղարկուելով քաղաքական անհիմն փաստարկներու ետեւ, առաւել եւս, երբ միջազգային իրաւունքի հանրայայտ նորմերով մարդու իրաւունքները համընդհանուր են եւ կախեալ չեն որեւէ տարածքի կարգավիճակէն: Մարդու իրաւունքները զիջման ենթակայ չեն», - նշուած է Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի տարածած հաղորդագրութեան մէջ