ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութեան հակականային միջազգային կեդրոնի մասնագէտները աւարտած են Լեռնային Ղարաբաղի Մարտունի շրջանի տարածքէն ներս իրանակացուող ականազերծման աշխատանքները: Այս մասին ըսուած է ՌԴ ՊՆ տեղեկագրով:
«2020 թուականի 23 նոյեմբերէն ի վեր ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան իրականացուցած ճարտարագիտական գործողութիւններու ընթացքին չպայթած զինամթերքէն մաքրուած է 1358.3 հեքթար տարածք, աւելի քան 425 քմ ճանապարհ, 1292 շինութիւն, ներառեալ՝ 29 ընկերային նշանակութեան կառոյցներ: Յայտնաբերուած եւ վնասազերծուած է մօտ 24 300 պայթիւնավտանգ առարկայ»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Ինչպէս նշուած է, բնակավայրերու շրջակայքը ականազերծման եւ մաքրման աշխատանքներու ժամանակ, ռուս խաղաղապահները կիրառած են «Ուրան-6» ժամանակակից ռոպոթաթեխնիքական համալիրներ, որոնք թոյլ կու տան ապահովել զինծառայողներու անվտանգութիւնը պայթիւնավտանգ աշխատանքներ ընելու ժամանակ եւ պահպանել տեղանքի մաքրման բարձր գործընթացքը եղանակային ցանկացած պայմաններու տակ:
Յայտնաբերուած պայթիւնավտանգ առարկաները եւ չպայթած զինամթերքները դուրս կը հանուին յատուկ մասնագիտացած ռազմադաշտ: Զինամթերքը, որ հնարաւոր չէ տարհանել, կ'ոչնչացուի տեղւոյն վրայ՝ անվտանգութեան բոլոր միջոցառումներու պահպանումով: