image
Հրատապ լուրեր:

Մարտավարական հնարք եւ .. ծուղակ. Սպաննուած է շուրջ 200 ատրպէյճանցի զինուոր

Մարտավարական հնարք եւ .. ծուղակ. Սպաննուած է  շուրջ 200  ատրպէյճանցի զինուոր

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակը ռազմաճակատի ամենաբարդ ուղղութիւններէն մէկուն մէջ, 5 հոկտեմբերին, կիրառած է մարտավարական հնարքներ, ծուղակի մէջ ձգելով թշնամին ու ոչնչացնելով անոր ստորաբաժանման մեծ մասը:

Հայկական կողմը, ատրպէյճանական ստորաբաժանումներուն մօտ ստեղծած է նահանջի այնպիսի տպաւորութիւն, որմէ ետք թշնամին, փորձելով արագ կերպով գրաւել հայկական ուժերուն թողած դիրքերը յայտնուած է ծուղակի մէջ։ Այնուհետեւ, հրետանային հուժկու հարուածի հետեւանքով ոչնչացուած է ատրպէյճանական ստորաբաժանման մեծ մասը։ Մարտադաշտը թողնելով աւելի քան 200 սպաննուած զինծառայող, թշնամին անկանոն կերպով դիմած է փախուստի։

Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն: