Մանուէլ Գրիգորեանի կալանքը խափանման այլ միջոցով փոխարինելու բացառիկ լիազօրութիւնը կը պատկանի դատախազին: Այդ մասին կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ նշած է Յատուկ քննչական ծառայութեան պետ Սասուն Խաչատրեանը։
«Որպէս խափանման միջոց ընտրուած կալանաւորումը փոխելու բացառիկ լիազօրութիւնը կը պատկանի դատախազին»,-«Արմէնբրես»-ի փոխանցմամբ նշած է ան:
Հարցին՝ հնարաւո՞ր է՝ հաշուի առնելով Մանուէլ Գրիգորեանի առողջական վիճակը՝ ՅՔԾ-ն խափանման միջոցը փոխելու միջնորդութեամբ հանդէս գայ, Սասուն Խաչատրեանը ըսած է, որ նման մտադրութիւն այս պահուն դեռ չկայ, քանի որ չեն վերացած կալանքի տակ պահելու հիմքերը։
Ինչ կը վերաբերի Մարտի 1-ի գործով Մանուէլ Գրիգորեանի հնարաւոր հարցաքննութեան, ՅՔԾ պետը նշած է, որ «հարցաքննուելու են բոլորն, ովքեր կարող են կապ ունենալ»։