image
Հրատապ լուրեր:

Մակեդոնիոյ ոստիկանութիւնը ձախողցուցած է ահաբեկչական յարձակման փորձ մը

Մակեդոնիոյ ոստիկանութիւնը ձախողցուցած է ահաբեկչական յարձակման փորձ մը

Հինգշաբթի օր, Մակեդոնիոյ մէջ կասեցուած է յարձակումներու ծրագիր մը, եւ կալանաւորուած են երկու անձ, որոնք կապ ունին «Իսլամական պետութիւն» խմբաւորման հետ, այս մասին բացայայտած է մակեդոնական ոստիկանութենէն պատասխանատու մը, կը գրա «Ալ-Քուտս»ը: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ ապահովութեան պետ՝ Մեթքօ Քաֆքով, Սքուպիի մամլոյ ասուլիսի ընթացքին մերժած է յայտարարել այդ ծրագրի բովանդակութեան մասին:

Նշենք, որ Մակեդոնիոյ դրացի՝ Ալպանիոյ եւ Քոսովոյի իշխանութիւնները, օրեր առաջ, յայտնած էին 13 անձանց կալանաւորումը: Ալպանական լրատուամիջոցներ յայտնած էին, թէ կալանաւորուածներէն 4-ը, փորձած էին յարձակիլ Շքոտրայի մէջ, Իսրայէլ-Ալպանիա ֆութպոլի միջաւարտական մրցումներու վայրը, որ կը կայանար 2018-ի համաշխարհային խաղերու ծիրէն ներս, որուն պատճառով մրցումը տեղափոխուած է ուրիշ քաղաք:

Ըստ Իսրայէլի, կալանաւորուածները «յարձակման որոշ թիրախներ ունեցած են Պալքանեան երկիրներուն մէջ», որոնցմէ մէկն էր մրցումի վայրը:

Միւս կողմէ, Քաֆքով երկու գործերու միջեւ կապ ըլլալուն չակնարկելով, աւելցուցած է, որ կալանաւորուած անձանց «նպատակն էր՝ իսկական ահաբեկչական արարքներ կատարել Մակեդոնիոյ հողին վրայ»: 

Նշենք նաեւ, որ ասկէ մէկուկէս ամիս առաջ, երկիր նախագահ՝ Ճորճի Իւանով յայտնած էր, թէ 150 մակեդոնացի մեկնած են Սուրիա եւ Իրաք Ճիհատականներու կողքին կռուելու: Անոնցմէ 30-ը սպաննուած, իսկ 86-ը՝ վերադրձած են երկիր, եւ զգուշացուցած էր,  վերադարձողներու «հաւանական ահաբեկիչներ» ըլլալու մասին: