image

Լոս Անճելըսի Հայութիւնը 24 Ապրիլի Ցոյցին Կը Պատրաստուի

Լոս Անճելըսի Հայութիւնը    24 Ապրիլի Ցոյցին  Կը Պատրաստուի

Լոս Անճելըսի հայութիւնը,    Հայոց Ցեղասպանութեան       դատապարտման եւ ճանաչման  հերթական     բողոքի երթ  պիտի կազմակերպէ:  Այս մասին կը գրէ «Ասպարէզ», որուն փոխանցմամբ Կիրակի, ապրիլ 24ին, ժամը 13ին, Լոս Անճելըսի Ուիլշըր պողոտային վրայ (6300 Wilshire Boulevard) գտնուող Թուրքիոյ հիւպատոսարանին առջեւ տեղի պիտի ունենայ Արդարութեան հանրահաւաքը՝ ոգեկոչելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան 101ամեակը եւ դատապարտելու անոր ուրացումը։ Ըստ  թերթին, ցոյցին համար յատուկ շապիկներ արդէն իսկ կը ծախուին Կլենտէյլի, Հոլիվուտի եւ Վելի Վիլեճի «Ճոնզ» խանութներուն մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Amazon.com եւ Ebay.com կայքերուն վրայ։ Շապիկներու վաճառքէն գոյացած գումարը ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի հանրահաւաքի ծախսերուն։ Հայոց Ցեղասպանութեան յանձնախումբը կոչ կ՛ընէ հայորդիներուն, որ այդ շապիկները գնելով եւ հագուելով՝ քայլարշաւին համար քարոզչութիւն կատարեն։