image

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Պահանջեց Մասնակցիլ Վարդանանքի Տօնակատարութիւններուն

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Պահանջեց Մասնակցիլ Վարդանանքի Տօնակատարութիւններուն

 Վարդանանց  տօնին առթիւ թեմի առաջնորդը  յատուկ  հաղորդագրութեամբ մը  դիմած է լիբանանանահայերուն, որ այսօր փակ պահեն  իրենց հաստատութիւնները եւ  գրասենեակները եւ     տօնին առթիւ  այցելեն եկեղեցի ու մասնակից  ըլլան  Վարդանանքի  արարողութիւններուն: Սրբազան  հօր    կողմէ հրապարակուած    յայտատարութեան  մէջ  մասնաւորապրէս կը կարդանք ՝ «Հայոց պատմութեան իւրաքանչիւր շրջան թէ հանգրուան իրեն յատուկ պարտաւորեցուցիչ պարագաները եւ պահանջները ունեցած է: Այդ բոլորին մէջ, Վարդանանց հերոսամարտը միշտ ալ մնացած է այժմէական եւ ընկերակցած է հայ ժողովուրդին` իր պատմութեան բոլոր հանգրուաններուն:«Այսօր ալ, Վարդանանց հերոսամարտի պատգամը նոյնքան այժմէական է հայկական մեր առօրեային համար եւ հրամայական անհրաժեշտութիւն մը, որ ոչ թէ իբրեւ պարտաւորութիւն մը կ՛ընդունինք, այլ պատմական թանկագին աւանդ մը, որ մեզի կու տայ հաւաքական ուժը եւ կորովը, շրջահայեացութիւնն ու կարելիութիւնը` զգետնելու մեր հաւաքական գոյութեան դէմ  բարձրացող բոլոր վտանգները:Այդ հաւաքական ուժին մէկ գեղեցիկ դրսեւորումն է, որ ամէն տարի Սրբոց Վարդանանց տօնին հայութիւնը Լիբանանի մէջ` յարգելով այս ազգային տօնը, այս տարի եւս հայկական բոլոր խանութները, վաճառատուները եւ գործատեղիներն ու գրասենեակները փակ մնան եւ խուռներամ բազմութեամբ իբրեւ միահամուռ հաւաքականութիւն  արժանաւորապէս պանծացնենք Սրբոց Վարդանանց  տօնին առիթով տեղի ունեցող եկեղեցական արարողութիւններն ու հանդիսութիւնները»   ըսած է   Լիբանանի  Առաջնորդ  Տ. Շահէ Եպս.  Փանոսեան: