image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանի նոր կառավարութիւնը տարեսկիզբի՞ն

Լիբանանի նոր կառավարութիւնը տարեսկիզբի՞ն

Ամիսներէ ի վեր ձգձգուած Լիբանանի կառավարութեան թղթածրարը կը շարունակէ մնալ փակուղիի մէջ: Այս մասին այսօր տեղեկութիւններ փոխանցած է «Ալ-Ախպար» թերթը, նշելով, որ վերջին օրերուն շրջանառութեան մէջ դրուող տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանան միայն յառաջիկայ 2019 տարուան տարեմուտին պիտի կարողանայ նոր կառավարութիւն մը կազմել:

Թերթը նաեւ նշած է, որ Լիբանանի Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ, որ անցնող օրերուն կարեւոր ճիգեր կը գործադրէր, կառավարութեան կազմութեան առջեւ յայտնուած կարեւոր արգելքները հանգուցալուծելու նպատակով, կը պատրաստուի կարեւոր հանդիպում մը յաջողցնել, մէկ կողմէ՝ 8 Մարտի սիւննիներու եւ միւս կողմէ Ռահի պատրիարքին միջեւ:

Յիշեցնենք, որ կառավարութեան կազմութիւնը խաթարուեցաւ այն պահուն, երբ Հարիրիի ցանկէն դուրս եղած երեսփոխանները պահանջեցին իրենց համար նախարարական աթոռ մը, որուն համար ունեցան նաեւ ամբողջական զօրակցութիւնը «Հըզպալլա» կուսակցութեան:

Իսկ այդ զօրակցութեան դիմաց Հարիրի ընդդիմացաւ, ըսելով, որ ինք է Լիբանանի մէջ սիւննիներու հայրը, հետեւաբար անընդունելի կը նկատէ անկախ սիւննիներու նախարարական աթոռով մասնակցութիւնը:

Յիշեցնենք, որ մայիս 2018-էն ի վեր, Լիբանան կը շարունակէ գոյատեւել առանց կառավարութեան եւ այդ ամսուան ընթացքին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք վարչապետ Հարիրի կ'ունենար երեսփոխաններու մեծամասնութեան քուէ եւ կոչուած էր կազմել նոր կառավարութիւն, բայց իւրաքանչիւր շրջանի իր դէմ ցցուած արգելքները խնդիրը մինչեւ այս պահը դարձուցին անլոյծ: