image

Լիբանանի նոր կառավարութեան մէջ քանի՞ հայ նախարար պիտի ըլլայ

Լիբանանի նոր կառավարութեան մէջ քանի՞ հայ նախարար պիտի ըլլայ

Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան խնդիրը կը շարունակէ մնալ օրակարգի վրայ: Այս մասին տեղեկութիւն հաղորդող աղբիւրներ կը նշեն, որ շաբաթավերջին այս հարցը վերջնականապէս իր լուծումը պիտի գտնէ:

Կը նշուի նաեւ, որ կառավարութիւնը բաղկացած պիտի ըլլայ 30 նախարարներէ ու շատ հաւանական է, որ այդ կառավարութեան մէջ ըլլան երկու հայ նախարարներ:
Այս առումով «Ալ Տիար» թերթը տեղեկութիւններ հրապարակած է կառավարութեան անդամ դառնալիք նախարարներու  անուանացանկին մասին, ուր նաեւ նշած է հայ մէկ նախարարի անուն, գրեով, որ «նախկին նախարար եւ «Ալ Մուսթաքպալ» հոսանքի անդամ Ժան Օղասապեան շատ հաւանական է, որ զբաղցնէ երկրի զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը:

Իսկ գալով երկրորդ թեկնածուին, որ պէտք է ըլլայ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչը կառավարութեան մէջ, այդ մասին Լիբանանի տեղական մամուլը մինչեւ այս պահը ոչ մէկ տեղեկութիւն կը փոխանցէ, բայց շատ հաւանական է, որ նոր կառավարութեան կազմութեան պարագային ՀՅԴ-ն ունենայ իր նախարարը: