Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Զօր. Միշէլ Աուն, որ երէկ Նիւ Երոք ժամանած է, ելոյթ մը պիտի ունենայ ՄԱԿ-ի 73-րդ Ընդհանուր ժողովի առջեւ:
Լրատուական աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ զօրավար Աունի արտասանելիք խօսքին մէջ հիմնական տեղ պիտի տրուի պաղեստինեան, ինչպէս նաեւ սուրիացի փախստականներու զոյգ հիմնական թղթածրարներուն:
Վերջին շրջանին, յատկապէս արեւմտեան քաղաքականութեան ներկայացուցիչներ տարբեր ամպիոններէ խօսքեր կը հնչեցնեն այն մասին, որ Լիբանանի մէջ գտնուող պաղեստինցիները պէտք է վերջնականապէս բնակեցուին եւ ստանան լիբանանեան ինքնութիւն եւ այդպիսով ընդելուզուին լիբանանեան հասարակութեան մէջ, բան մը, որ կրնայ լուրջ տագնապ յարուցել յատկապէս քրիստոնեայ շրջանակներուն մօտ եւ սպասելի է որ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը այս առումով իր կարեւոր խօսքը հնչեցնէ եւ կտրականապէս մերժէ բոլոր այն միտումները, որոնց հիման վրայ Լիբանանի պաղեստինցիները պէտք է վերաբնակեցուին եւ հրաժարին դէպի Պաղեստին վերադառնալու իրենց արդար իրաւունքներէն: