Լիբանանի մէջ ծայր առած է լիբանանեան նոր տագնապ մը, որ կապ ունի երկրին մէջ գտնուող մէկուկէս միլիոնէ աւելի սուրիացի փախստականներու խնդրին հետ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ VDL կայանը:
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ յառաջիկայ օրերուն Պրիւքսէլի մէջ պիտի կայացուի սուրիացի փախստականներուն նուիրուած կարեւոր միջազգային համաժողով եւ երկու լիբանանցի նախարարներ, որոնք կապ ունին այս թեմային հետ, չեն հրաւիրուած այդ համաժողովին:
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ երկիր առողջապահութեան նախրար Ժամիլ Ժապաք, ինչպէս նաեւ գաղթականներու հարցով նախարար Սալէհ Ալ-Ղարպ կը համարուին վարչապետ Հարիրիի քաղաքական կեցուածքներուն դէմ եղող անձնաւորութիւններ եւ այդ պատճառով է, որ անոնք չեն հրաւիրուած միջազգային գագաթնաժողովին:
Յիշեցնենք, որ Լիբանանի մէջ փախստականներու թեմայով կայ առնուազն երկու տեսակէտ, առաջինը խնդրի լուծման համար ճիշդ կը համարէ Սուրիոյ իշխանութիւններուն հետ համագործակցութիւնը, իսկ երկրորդը, որուն գլխաւոր ներկայացուցիչը վարչապետ Հարիրին է, կտրականապէս կը մերժէ որեւէ գոծակցութիւն սկսիլ Սուրիոյ իշխանութիւններուն հետ: