Լիբանանի կառավարութեան փորձնական երեք ամիս պայմանաժամ տրուած է: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «Ալ-Ժումհուրիյա» պարբերականը:
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ եթէ վարչապետ Սաատ Հարիրիի գլխաւորած կառավարութիւնը գործնական փոփոխութիւններ չկատարէ երկրին մէջ, ապա պիտի հանդիպի փողոցի բուռն ընդդիմութեան եւ հազարաւոր բողոքարարներ փողոց իջնելով, պիտի պահանջեն կառավարութեան հրաժարականը:
Յիշեցնենք, որ երէկ նոյնպէս Պէյրութի գլխաւոր թաղամասերը ականատես եղան բողոքի լայն ալիքի մը:
Բողոքի ցոյցերու մասնակցող քաղաքացիական հասարակութեան անդամներ փողոց իջնելով յայտարարեցին, որ վստահութիւն չունին այս կառավարութեան եւ անոր ներկայացուցած ծրագրին հանդէպ:
Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ Սաատ Հարիրիի կառավարութիւնը 111 կողմ ձայնով ստացած էր խորհրդարանի վստահութեան քուէն: