Լիբանանի կալուածներու շուկան յայտնուած է տագնապալի վիճակի մը մէջ, այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ լիբանանեան VDL ռատիօկայանը, նշելով, որ վերջին շրջանին նկատելի սկսած է դառնալ, որ բնակարաններու եւ կալուածներու պահանջքի նուազումին հետեւանքով այդ ոլորտին մէջ գիներու կտրուկ անկում արձանագրուած է:
Կայանը նաեւ վերլուծած է, որ այս տագնապի պատճառը երկրի մէջ առկայ անորոշութիւնն է, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան ուշացումը:
Աղբիւրը աւարտին կը փոխանցէ, որ եթէ իրավիճակը այս հունով շարունակուի, Լիբանանի մէջ բնակարաններու, ինչպէս նաեւ կալուածներու, հողակտորներու գիները պիտի շարունակեն մեծ անկումներ ապրիլ: