Լիբանանի ժողովուրդը եւ յատկապէս երիտասարդական խաւը յուզող «Իսքան»ի խնդիրը կը շարունակէ մնալ անլոյծ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «Ալ-Ժումհուրիյէ» պարբերականը:
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Լիբանանի տասնեակ դրամատուներու ներկայացուած «Իսքան»ի դիմումները կը շարունակեն մնալ անլոյծ վիճակի մը մէջ եւ երկրի դրամատուները կը մերժեն նախատեսուած յատկացումները կատարել կատարուած դիմումներուն:
Յիշեցնենք, որ Լիբանանի մէջ երկար ժամանակէ ի վեր շրջանառութեան դրուած «Իսքան» հասկացողութիւնը կապ ունի երկրի դրամատուներու դրամական փոխառութեան հետ եւ այդ գոծընթացին շնորհիւ լիբանանցի երիտասարդներ իրենց գնած տան վաւերաթուղթերը ներկայցնելէ ետք երկարաժամկէտ եւ նուազագոյն տոկոսներով գումարներ կը ստանան, վճարելու համար իրենց տանտէրներուն:
Յիշեցնենք, որ մեծ է թիւը նաեւ լիբանանահայ երիտասարդներուն, որոնք այս խնդրին հետ ուղղակի առընչութիւն չունին: Անոնցմէ շատեր կը սպասեն, որ «Իսքան»ը լուծէ իրենց խնդիրները եւ կարողանան տան հարցերը լուծելէ ետք Հայաստան փոխադրուիլ: