«Ալ Մարսատ ալ սուրի» կայքին հաղորդմամբ օրեր առաջ լիբանանեան «Արսէլ»էն Իտլիպ հասած զինեալները գրաւած են քաղաքին մէջ եղող քրիստոնեայ բնակիչներուն բնակարանները: Աղբիւրը կը հաղորդէ, որ նոյնիսկ Իտլիպի մէջ ապրող քաղաքացի մը շրջանէն բացակայելէ եւ ետ վերադառնալէ ետք իր տանմէջ գտած է «Ալ Նուսրա»ի զինեալներ եւ երբ փորձած է բողոքել զինք բռնի կերպով հեռացուցած են:
Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ եղած դէպքերը բողոքի մեծ ալիք բարձրացուցած են շրջանին մէջ, սակայն տրուած ըլլալով, որ Իտլիպը այսվօր կը համարուի ահաբեկիչ զինեալներու գլխաւոր կեդրոններէն մին քաղաքացիներու բողոքի ալիքը վախի եւ ճնշումի միջոցներով շուտով «մարած է»:
Յիշեցնենք, որ շաբաթ մը առաջ լիբանանեան Արսէլէն դէպի Իտլիպ մեկնած էին «Ալ Նուսրա»ի եւ անոնց ընտանիքներու անդամ թիւով 7777 անձեր:
մէջ: