Լիբանան այսօր կը նշէ իր անկախութեան տարեդարձը: 1943–ին Ֆրանսացիներէն անկախութիւն հռչակած երկիրը այսօր կը տօնէ իր անկախութեան 73-րդ տարին: Այս առիթով եւ երկու տարուան բացակայութիւնէ ետք տեղի կ'ունենայ զինուորական յատուկ շքերթ, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն երկրի նորընտիր նախագահ՝ Զօր. Միշէլ Աուն, վարչապետ ՝ Սաատ Հարիրի եւ խորհրդարանի նախագահ՝ Նէպիհ Պըրրի:
Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Լիբանան միակ երկիրն է, որուն նախագահը պէտք է ըլլայ քրիստոնեայ (մարոնի), վարչապետը՝ իսլամ սիւննի, իսկ խորհրդարանի նախագահը՝ իսլամ շիիթ: 1940-ականներուն մշակուած երկրի սահմանադրութեամբ ամրագրուած այս ձեւաչափով Լիբանան կ'առանձնացուի զինք շրջապատող երկիրներէն, իբրեւ միակ քրիստոնեայ նախագահ ունեցող երկիր:
Տեղին է նշել, որ համայնքային դրութեամբ գործող երկրին մէջ, իբրեւ կարեւոր 7-րդ համայնք կը ներկայանայ հայ առաքելական համայնքը, այդպիսով վայելելով քաղաքական դաշտին մէջ իրեն ընձեռնուած առիթներ եւ հայ համայնքի զաւակներուն տալով քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ զինուորական կարեւոր պաշտօններ ստանձնելու կարելիութիւններ: