image

Լիբանան. Աղէտեալ նաւահանգիստին մէջ պայթուցիկ նիւթեր գտնուած են

Լիբանան. Աղէտեալ նաւահանգիստին մէջ պայթուցիկ նիւթեր գտնուած են

Լիբանանի բանակը յայտարարած է, թէ պայթումի հետեւանքով աւերուած Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ, որոնողական աշխատանքներ կատարած ատեն 1,3 թոն հրավառութեան նիւթեր յայտնաբերած է, կը հաղորդէ Reuters-ը։

Հաղորդման համաձայն՝ նաւահանգիստը խուզարկութեան ժամանակ 1320 քկ. հրավառութեան նիւթեր յայտնաբերուած է պահեստանոցը՝  120 արկղերու մէջ։ Ամերիկացի երկրաչափները ազատած են անոնցմէ։

Յիշեցնենք, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը տեղի ունեցած էր 4 օգոստոսին։ Հրդեհի պատճառով պայթած էր պահեստանոցին մէջ երկար ժամանակ պահպանուած 2750 թոն  ամոնիաքի նիթրաթը ։

Սեպտեմբերի սկիզբը Լիբանանի բանակը Պէյրութի օդակայանի մուտքին մօտ գտած  էր եւս 4.35 թոն  ամոնիաքի նիթրաթ։