Պաշտօնական այցի շրջածիրէն ներս տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ռումանիոյ վարչապետներ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Լուքա Նիքուսեքուի հանդիպումը։
Նախ տեղի ունեցած է ՀՀ վարչապետի դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը, որու ընթացքին հնչած են երկու երկիրներուն ազգային քայլերգերը, ապա վարչապետները ողջունած են պատուիրակութիւններու անդամները։
Այնուհետեւ տեղի ունեցած է Նիկոլ Փաշինեանի եւ Լուքա Նիքուսեքուի առանձնազրոյցը, որմէ ետք քննարկումները շարունակուած են ընդլայնուած կազմերով։
Լուքա Նիքուսեքուն ընդգծած է ՀՀ վարչապետին պաշտօնական այցելութեան կարեւորութիւնը, որուն ընթացքին երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած է ռազմավարական գործընկերութեան հռչակագիր։ Անոր խօսքով՝ այս այցելութեան արդիւնքով Հայաստան–Ռումանիա գործակցութիւնը նոր ազդակ կը հաղորդուի, իսկ քաղաքական եւ տնտեսական կապերը էապէս պիտի զարգանան ու ընդլայնուին։
Վարչապետ Փաշինեան Ռումանիոյ վարչապետը պաշտօնական այցելութեամբ հրաւիրած է Հայաստան եւ առաջարկած է այդ այցի շրջածիրէն ներս կազմակերպել գործարար համաժողով։ Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ այսօր ստորագրուած ռազմավարական գործընկերութեան հռչակագիրը կանաչ լոյս կը վառէ գործարարներու առջեւ՝ սերտ կապեր հաստատելու եւ ներդրումային ծրագիրներ իրականացնելու համար։
Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան–Ռումանիա յարաբերութիւններուն առնչուող շարք մը հարցեր, ներառեալ՝ տնտեսութեան, զբօսաշրջութեան եւ մշակոյթի ոլորտներուն մէջ գործակցութեան զարգացման վերաբերող նիւթեր։
Անդրադարձ կատարուած է նաեւ TRIPP ծրագիրի գործնական փուլի մեկնարկին, անոր արդիւնքով ստեղծուելիք կարելիութիւններուն, ինչպէս նաեւ Հայաստան–Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման ուղղուած քայլերուն։