image

Թրամփ յայտարարած է, որ Իրանի դէմ պատերազմը ֆինանսաւորուած է մինչեւ յունուար

Թրամփ յայտարարած է, որ Իրանի դէմ պատերազմը ֆինանսաւորուած է մինչեւ յունուար

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ Իրանի դէմ ռազմական գործողութիւններու ֆինանսաւորումը ապահովուած է մինչեւ Յունուար։ Միաժամանակ, ան քննադատած է Քոնկրեսի դեմոկրատները, որոնք կը սպառնան դադրեցնել հակամարտութիւնը։ Թրամփի խօսքով՝ նման քայլը «լիակատար յաղթանակը պարտութեան պիտի վերածէ»։

Այս մասին Սպիտակ տան ղեկավարը յայտնած է The New York Post-ին տուած բացառիկ հարցազրոյցի ընթացքին։

Թրամփ ընդունած է, որ 2027 թուականի Յունուարին, երբ դեմոկրատները ստանձնեն Քոնկրեսի վերահսկողութիւնը, իր ռազմական գործողութիւններու հնարաւորութիւնները կրնան սահմանափակուիլ։ Այդուհանդերձ, ան յոյս յայտնած է, որ դեմոկրատները պիտի չփորձեն վաղաժամ աւարտել հակամարտութիւնը։

«Անոնք լիակատար յաղթանակը պարտութեան պիտի վերածեն։ Տեսէ՛ք, անոնց (Իրանի) նաւատորմը այլեւս գոյութիւն չունի, ռազմաօդային ուժերը ոչնչացուած են, հակաօդային պաշտպանութեան համակարգը՝ նոյնպէս, ամէն ինչ ոչնչացուած է։ Անոնց առաջնորդներն ալ այլեւս չկան։ Եթէ դեմոկրատները այդպէս վարուին, պարզապէս յաղթանակը պարտութեան պիտի վերածեն», պնդած է Թրամփ։

«Չեմ գիտեր, թէ քաղաքական առումով ինչպէ՛ս կրնան նման բան ընել, որովհետեւ մենք յաղթած ենք։ Մենք կրնանք այդ պատերազմը որեւէ պահու աւարտել», աւելցուցած է ԱՄՆ նախագահը։

Լրագրողը Թրամփին հարցուցած է, թէ արդեօք Իրանի դէմ ազատօրէն հարուածներ հասցնելու հնարաւորութեան ժամկէտը սահմանափակուած է։

«Դժուար է հաւատալ, որ անոնք յաղթանակը պարտութեան պիտի վերածեն, որովհետեւ ճիշդ այդ ալ տեղի պիտի ունենայ։ Այո՛, բայց առնուազն մինչեւ Յունուարի վերջը, ըստ էութեան, մենք ֆինանսաւորում ունինք», նշած է ան։

Թրամփ նաեւ յայտարարած է, որ Իսրայէլի նպատակը՝ վերջ դնել Իսլամական Հանրապետութեան գոյութեան, «հաւանաբար իրագործելի է», սակայն աւելցուցած է, որ այդ իր նպատակը չէ։

«Ես պարզապէս չեմ ուզեր, որ անոնք միջուկային զէնք ունենան։ Ես երբեք դիրքորոշում չեմ ունեցած վարչակարգի փոփոխութեան ի նպաստ կամ դէմ։ Այդ երբեք իմ չափանիշս չէ եղած», ըսած է ան։