image

Իրան գործի դրած է ծովային բեռնափոխադրումներու այլընտրանքային ուղիներ

Իրան գործի դրած է ծովային  բեռնափոխադրումներու  այլընտրանքային ուղիներ

Իրանի իշխանութիւնները հետզհետէ աւելի աշխուժօրէն կ՚օգտագործեն այն փոխադրական ուղիները, որոնք կապ չունին երկրի հարաւային շրջաններուն հետ։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի առաջին փոխնախագահ Մոհամմատ Ռեզա Արեֆ՝ նշելով, որ երկրի նաւահանգիստներուն նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու ծովային շրջափակումը անարդիւնաւէտ է։

 

Այս մասին կը հաղորդէ IRNA գործակալութիւնը։

«Դէպի հարաւ ելք չունեցող երկրի սահմաններուն փոխադրուող բեռներու ծաւալներուն եւ ապրանքներու մաքսային ձեւակերպումներուն աճը կը վկայէ, որ հակառակորդին կողմէ իրականացուող ծովային շրջափակումը մեզ չի մտահոգեր», ըսած է ան։

Արեֆ վստահեցուցած է, որ Իրանի մէջ նպաստաւոր իրավիճակ կը տիրէ առաջին անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող ապրանքներու պաշարներուն առումով։ Միաժամանակ, ան կոչ ըրած է միջոցներու ձեռնարկելու՝ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու գիներու բարձրացումը կանխելու համար։

Նոյեմբեր ամսուան սկիզբը Միացեալ Նահանգներու Զինուած ուժերու Կեդրոնական հրամանատարութիւնը հաղորդած էր, որ ամերիկեան զինուած ուժերը արագ արձագանգման խումբ կը կազմեն՝ Իրանի կողմէ ցամաքային ուղիներով եւ Կասպից ծովով սպառազինութիւններու փոխադրումները կանխելու նպատակով։

Հրամանատարութեան պետ, ծովակալ Պրետ Քուփըրի համաձայն՝ «Երկաթէ դարպասներ» խումբի ստեղծումը պիտի ամրապնդէ ծովուն մէջ Իրանի նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու «երկաթեայ շրջափակման յաջողութիւնը»։

Նոյեմբեր 24-ին Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչի յայտարարած էր, որ Իրանի ցամաքային շրջափակումը անկարելի է։