image
Հրատապ լուրեր:

Լոս Անճելըս. Ռոզին (Ռոզիկ) Գապատայեանի կանխահաս մահը

Լոս Անճելըս. Ռոզին (Ռոզիկ) Գապատայեանի կանխահաս մահը

Լոս Անճելըսի մէջ, ծանր հիւանդութենէ մը ետք, իր մահկանացուն կնքած է բնիկ լիբանանահայ Ռոզին (Ռոզիկ) Գապատայեանը։

Վերջին տարիներուն ան փոխադրուած էր Միացեալ Նահանգներ, ուր, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, շարունակած էր մաս կազմել համայնքային կեանքին՝ հաւատարիմ մնալով Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Առաքելական եկեղեցիներուն մէջ իր բազմաշնորհ գործունէութեան։

Ռոզին բարի, անմիջական եւ անկեղծ անձնաւորութիւն մըն էր, որ ինչպէս Պուրճ Համուտի, այնպէս ալ Լոս Անճըլըսի մէջ, շահած էր իր շրջապատին սէրն ու համակրանքը՝ դառնալով զինք ճանչցողներուն համար յոյս եւ բարութիւն ճառագայթող նուիրական հայուհի մը։

Ամերիկայի մէջ կեանքը սիրելի Ռոզինին մեծ ուրախութիւն չպարգեւեց։ Հակառակ իր եռանդին ու կենսասիրութեան՝ ծանր հիւանդութիւն մը մուտք գործեց իր կեանքէն ներս։ Երկարատեւ պայքարէ եւ հաւատքով շաղախուած սպասումներէ ետք, օրերս ան յաւիտենապէս փակեց իր աչքերը՝ ձգելով յոյսի, բարութեան եւ նուիրումի վառ օրինակը։

«Արեւելք» իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ Ռոզին Գապատայեանի բոլոր հարազատներուն եւ մտերիմներուն՝ հաւատալով, որ անոր վիրաւոր հոգին լոյսերու մէջ պիտի բնակի։

Ստորեւ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Լոս Անճըլըսի մեր բարեկամներէն՝ Բրշ. Երուանդ Սրկ. Քէշիշեանի յուզիչ գրառումը՝ Ռոզինի յիշատակին։

Այսօր ծաղիկ մը թառամեցաւ մեր կեանքի պարտէզին մէջ… բայց անոր բոյրը յաւերժ պիտի մնայ մեր սրտերուն մէջ։

Այսօր խոր վիշտով եւ արցունքոտ աչքերով կը սգանք մեր սիրելի Ռոզիկ Գապատայեանի մահը։

Անունով՝ վարդ, հոգիով՝ ծաղիկ, իսկ կեանքով՝ Աստուծոյ նուիրուած անուշաբոյր խունկ մը։

Երկու երկար տարիներ ան քաջաբար պայքարեցաւ քաղցկեղի դէմ՝ կրելով իր ցաւի խաչը հաւատքով, համբերութեամբ եւ արժանապատուութեամբ։ Այսօր ան փակեց իր յոգնած աչքերը այս աշխարհին վրայ՝ զանոնք բանալու համար երկնային յաւիտենականութեան լոյսին մէջ։

Աւելի քան 40 տարի մեր սիրելի Ռոզիկը իր կեանքը նուիրեց Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցիներու ծառայութեան՝ թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ Միացեալ Նահանգներու մէջ, իբրեւ դաշնակահարուհի, երգեհոնահարուհի, երգչախումբի եւ դպրաց դասու երգչուհի, ինչպէս նաեւ ուսուցչուհի։

Անոր մատները տարիներ շարունակ կենդանութիւն տուին եկեղեցական մեղեդիներուն, անոր ձայնը միացաւ մեր սրբազան շարականներուն, իսկ անոր ուսուցումները լոյս եւ ներշնչում դարձան սերունդներու համար։

Այսօր լռեց անոր ձայնը, դադրեցան անոր մատները նուագելէ, սակայն անոր երաժշտութիւնը պիտի շարունակէ արձագանգել մեր եկեղեցւոյ կամարներուն տակ եւ մեր բոլորին հոգիներուն մէջ։

Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւոր ընտանիքը խոր վիշտով կը սգայ իր երկարամեայ, հաւատարիմ եւ անձնուէր սպասաւորուհիին անդառնալի կորուստը։

Սիրելի՛ Ռոզիկ,

Դուն վարդ մըն էիր մեր հոգեւոր պարտէզին մէջ։ Այսօր այդ վարդը թառամեցաւ երկրի վրայ, բայց կը հաւատանք, որ ան պիտի ծաղկի երկնային դրախտի յաւիտենական պարտէզին մէջ։

Քու ձայնդ լռեց, բայց քու յիշատակդ երբեք պիտի չմարի…

Հանգի՛ստ յաւիտենական, սիրելի՛ Ռոզիկ։

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։