Լիբանանի Անկախութեան տօնի առիթով կազմակերպուած դպրոցական ձեռնարկները երբեմն կը վերածուին աւելի խորունկ պատգամ փոխանցելու առիթներու։ Արդարեւ, երբ իգական սեռի ներկայացուցիչ աշակերտուհիները կը տեսնեն կին մը՝ զինուորական համազգեստով, ուսերուն վրայ սպայի աստիճանաւորումը խորհրդանշող աստղերով, անոնց առջեւ կը բացուի նոր կարելիութիւն մը՝ ապագային իրենք եւս կրնան ծառայել իրենց երկրին, մասնակցիլ անոր պաշտպանութեան եւ բարձր պահել անոր դրօշը։
Այս գաղափարն է, որ ուզած է իր աշակերտուհիներուն փոխանցել Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ Հարպոյեան վարժարանի տնօրէն Տիար Արամ Գարատաղլեան՝ այս տարուան Անկախութեան տօնի ձեռնարկին հրաւիրելով Լիբանանի Պետական Անվտանգութեան ծառայութեան մայոր Լարա Քալլաս Տահերը։
Այս մասին կատարած իր գրառման մէջ Տիար Արամ Գարատաղլեան կը նշէ, թէ տարիներ շարունակ վարժարանը Անկախութեան տօնի ձեռնարկներուն հիւրընկալած է արական սեռի սպաներ եւ զինուորականներ։ Սակայն այս տարի, վարժարանի նախակրթարանի բաժանմունքին կողմէ կազմակերպուած Լիբանանի 83-րդ Անկախութեան տօնի ձեռնարկին, որոշած է հրաւիրել Պետական Անվտանգութեան ծառայութեան մայոր Լարա Քալլաս Տահերը՝ որպէս պատուոյ հիւր եւ օրուան պատգամախօս։
Անիկա առաջին կին սպան էր, որ հրաւիրուած էր վարժարանին պատմութեան ընթացքին։
Արամ Գարատաղլեան կը շեշտէ, թէ այս նախաձեռնութեամբ նպատակ ունեցած է աշակերտուհիներուն ցոյց տալ, որ անոնք եւս, ինչպէս իրենց արու դասընկերները, կրնան տեղ ունենալ բանակին եւ ապահովական ուժերուն շարքերուն մէջ, ծառայել Լիբանանին, մասնակցիլ անոր պաշտպանութեան եւ բարձր պահել ազգային դրօշը։
Ան կը պատմէ, թէ երբ տեսած է աշակերտուհիներուն աչքերուն փայլը՝ մայորին ուսերուն վրայի աստղերը դիտելիս, զգացած է, որ իր պատգամը հասած է անոնց՝ առանց երկար բացատրութիւններու։
Իր գրառման աւարտին ան շնորհակալութիւն կը յայտնէ մայոր Լարա Քլաս Տահերին՝ հրաւէրը ընդունելուն եւ աշակերտուհիներուն երազանքը աւելի մօտ ու շօշափելի դարձնելուն համար։
1.jpg)
