image
Հրատապ լուրեր:

Ի՞նչ դաս քաղել Զմմառու մէջ գումարուած Հայ Կաթողիկէ Սիւնհոդոսէն …

 Ի՞նչ դաս քաղել  Զմմառու մէջ գումարուած Հայ Կաթողիկէ  Սիւնհոդոսէն …

Եւ եթէ իսկապէս մտահոգ ենք Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ վաղուան օրով, ապա ժամանակն է, որ խօսքէն անցնինք գործի։ Մեր Եկեղեցին այսօր կարիքը ունի ոչ թէ նոր լուսանկարներու կամ արարողակարգային յայտարարութիւններու, այլ՝ լուրջ ժողովի, անկեղծ խօսակցութեան եւ պատասխանատու որոշումներու։

Եկեղեցին լռութեամբ չի պահպանուիր։ Անիկա կը պահպանուի հաւատքով, իմաստութեամբ եւ ճշմարտութիւնը իրարու երեսին ըսելու քաջութեամբ։

 

 Սագօ Արեան  Լրագրողի էջ-էն կը կարդանք՝ 

 

Ի՞նչ ալ ըլլան օրերս Զմմառու մէջ գումարուած Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սիւնոդոսին արդիւնքները կամ հետեւանքները, ժողովական մօտեցումով առկայ հիմնահարցերը լուծելու այս եղանակը ոչ միայն օգտակար է, այլեւ՝ կենսական։

Դաս պէտք է քաղենք այդ բոլորէն նաեւ մենք, մանաւանդ Հայաստանի մէջ եւ, յատկապէս, Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պարագային։

Համոզուած եմ, որ եկեղեցական կեանքին մէջ կուտակուած հարցերը պէտք է լուծուին եկեղեցականներու մասնակցութեամբ, ներսէն, ինչպէս յաճախ կ՚ըսենք։ Մինչդեռ իրականութիւնն այն է, որ երկար տարիներէ ի վեր ականատես չենք եղած ազգային-եկեղեցական, կամ առնուազն՝ եկեղեցական լուրջ ժողովի մը, որուն մէջ հնարաւորութիւն տրուի համապարփակ կերպով քննարկելու Եկեղեցւոյ առջեւ ծառացած հիմնահարցերը եւ որոնելու անոնց լուծումները։

Կան, անշուշտ, ձեւական ժողովներ, սակայն այդ ժողովները այսօր այլեւս չունին այն ներուժն ու հեղինակութիւնը, զորս ունէին անցեալին։ Պատճառները բոլորիս ծանօթ են։

Աւելին, այդ ժողովներուն չեն մասնակցիր ո՛չ Պոլսոյ եւ Երուսաղէմի Հայ Պատրիարքները, ո՛չ ալ մեր ազդեցիկ թեմերէն մէկուն՝ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմին, առաջնորդը՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանը։

Եւ այս բոլորէն անդին, կուտակուած խնդիրները կը մնան չլուծուած, տարակարծութիւնները՝ բորբոք, իսկ թերեւս ամէնէն մտահոգիչը՝ Հայ Եկեղեցւոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն միջեւ առկայ լարուածութիւնը, մեղմ ըսած, կը շարունակէ խորանալ։

Ուրեմն, այս հարցերն ու խնդիրները ինչպէ՞ս պիտի լուծուին։

Լռութեա՞մբ, նոր Պատարագներո՞վ, միջնադարեան ոճի քարոզներո՞վ, թէ՞ լուսանկարներու նոր տարափով։

Այս հարցադրումը սոսկ հռետորական չէ։ Անիկա մտահոգութիւն է, բայց միաժամանակ՝ կոչ եւ հրաւէր՝ յանուն մեր Եկեղեցւոյ, յանուն անոր միասնականութեան, հեղինակութեան եւ ապագային։

Եկեղեցին չի կրնար երկար ժամանակ շրջանցել իր ներքին խնդիրները, ոչ ալ կրնայ ակնկալել, որ անոնք ժամանակի ընթացքին ինքնաբերաբար պիտի անհետանան։ Անհրաժեշտ են անկեղծ երկխօսութիւն, պատասխանատուութիւն ստանձնելու պատրաստակամութիւն եւ, ամէնէն կարեւորը, կանոնական ու համազգային հարթակի մը վրայ լուրջ քննարկում։

Մեր Եկեղեցւոյ զօրութիւնը միայն իր դարաւոր պատմութեան, սրբազան աւանդութիւններուն եւ հոգեւոր ժառանգութեան մէջ չէ։ Անոր զօրութիւնը նաեւ իր զաւակները լսելու, տարակարծութիւնները յաղթահարելու եւ ժամանակի մարտահրաւէրներուն դիմագրաւելու կարողութեան մէջ է։

Աւարտին կ՚ուզեմ շեշտել, որ այսօր մենք շատ բան ունինք սորվելիք Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիէն։ Ոչ թէ որովհետեւ անոր առջեւ ծառացած բոլոր հարցերը լուծուած են, այլ որովհետեւ անիկա ցոյց կու տայ, որ եկեղեցական կառոյցի մը ներքին հիմնահարցերը քննարկելու, որոշումներ կայացնելու եւ պատասխանատուութիւն ստանձնելու կանոնական ճանապարհը պէտք է մնայ կենդանի։

Եւ եթէ իսկապէս մտահոգ ենք Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ վաղուան օրով, ապա ժամանակն է, որ խօսքէն անցնինք գործի։ Մեր Եկեղեցին այսօր կարիքը ունի ոչ թէ նոր լուսանկարներու կամ արարողակարգային յայտարարութիւններու, այլ՝ լուրջ ժողովի, անկեղծ խօսակցութեան եւ պատասխանատու որոշումներու։

Եկեղեցին լռութեամբ չի պահպանուիր։ Անիկա կը պահպանուի հաւատքով, իմաստութեամբ եւ ճշմարտութիւնը իրարու երեսին ըսելու քաջութեամբ։