Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 25-րդ տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկները արդէն կը մեկնարկեն այսօր: ԼՂՀ Ազգային ժողովի կայքին մէջ տեղադրուած ծրագիրին համաձայն, այսօր Արցախի բոլոր կրթօջախներուն մէջ պիտի իրականցուի «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը 25 տարեկան է» թեմայով դաս, Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենան մարզական եւ մշակութային ձեռնարկներ, Ստեփանակերտի կեդրոնական պուրակին մէջ պիտի կայանայ զինուորական նուագախումբին համերգը:
Սեպտեմբեր 2-ի ձեռնարկներու մեկնարկը պիտի տրուի երթով` Վերածնունդի հրապարակէն դէպի յուշահամալիր, այնուհետեւ` ծաղկեպսակադրութիւն Ստեփանակերտի յուշահամալիրին մէջ: Տեղի պիտի ունենան բացօթեայ տօնական ձեռնարկներ Ստեփանակերտի տարբեր հատուածներու մէջ, ԼՂՀ Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ պիտի բացուի ցուցահանդէս` «Հայաստանի դրամաշրջանառութեան պատմութիւնը»: Այդ օրը նաեւ պիտի բացուի Շուշիի հանրակացարանային համալիրը: Տօնական համերգէն ետք տեղի պիտի ունենայ հրավառութիւն Վերածնունդի հրապարակին վրայ:
Ձեռնարկները պիտի շարունակուին նաեւ Սեպտեմբեր 3-ին, Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնոյ գիւղին մէջ պիտի բացուի նոր թաղամաս: