image
Հրատապ լուրեր:

Լեւոն Արոնեան կը շարունակէ իր յաղթարշաւը

Լեւոն  Արոնեան կը շարունակէ իր յաղթարշաւը

Լեւոն Արոնեանը (2781)  անցաւ արագ ճատրակի Goldmoney Asian Rapid օնլայն մրցաշարի եզրափակիչ՝ պայքարէն դուրս ձգելով աշխարհի ախոյեան, նորուեկացի Մակնուս Քարլսընին (2847):

Կիսաեզրափակիչի երկրորդ օրը հայ գրոսմայսթըրը հիմնական չորս փուլերուն յաղթեց 3։1 (2 յաղթանակ, 2 ոչ ոքի) հաշուով եւ պայքարը տեղափոխեց թայ–պրէյք։ Առաջին օրը Լեւոն Արոնեանը պարտուածէր 1,5։2,5 հաշուով։

Թայ–պրէյքին Արոնեանը յաղթանակ տարաւ երկու փուլերուն ալ՝ 2։0։

Եզրափակիչին Արոնեանի մրցակիցը պիտի ըլլայ ռուսաստանցի Վլատիսլաւ Արտեմիեւը:

Եզրափակիչը տեղի պիտի ունենայ 3-4 Յուլիսին։