image

«Կը շեշտենք Լիբանանի անվտանգութեան պահպանման կարեւորութիւնը» Պէյրութի մէջ յայտարարած է Մէւլուտ Չաւուշօղլու

«Կը շեշտենք  Լիբանանի  անվտանգութեան պահպանման կարեւորութիւնը» Պէյրութի  մէջ  յայտարարած է  Մէւլուտ Չաւուշօղլու

Նախատեսուած  այցէն  (երկուշաբթի օր)  երեք օր առաջ Թուրքիոյ   արտաքին գործոց  նախարար  Մէւլուտ Չաւուշօղլու այսօր   Լիբանան  ժամանեց: Այս  մասին առաջին տեղեկութիւնը տուած էր «Ալ Մուսթաքպալ»  պարբերականը:  Չաւուշօղլու   այցելեց Պաապտայի նախագահական պալատ, ուր ընդունեցաւ Լիբանանի  նախագահ զօր. Միշէլ Աունի կողմէ:Լիբանաեան լրատուական աղբիւրմեր     հաղորդեցին, որ Չաւուշօղլու    Աունին  փոխանցած է Թուրքիոյ նախագահին շնորհաւորութիւնները:  Ըստ   VDL կայանին Չաւուշօղլու բացի  Թուրքիա- Լիբանան  յարաբերութիւններու բարելաւման խնդրէն     կարեւորած    է  Լիբանանի   անվտանգութեան պահպանութիւնը   ըսելով, որ նախագահ Էրտողանի համար այդ հարցը  չափազանց կարեւոր է: