image

Կրկնակի ահաբեկչական արարքներ ցնցեցին Դամասկոսը. Զոհերուն թիւը անցաւ 15-ը

Կրկնակի ահաբեկչական արարքներ    ցնցեցին Դամասկոսը. Զոհերուն  թիւը    անցաւ  15-ը

     Երկու ահաբեկչական  գործողութիւններ այսօր ցնցած են   Սուրիոյ մայրաքաղաք  Դամասկոսը: Այս   մասին    լուրը  տուած է      «Սանա» լրատուական գործակալութիւնը յայտնելով, որ  մինչ առաջին    ահաբեկչութիւնը  արդիւնք է      ականուած ինքնաշարժի  մը պայթումին, անդին երկրորդը   եղած է   երկու անձնասպաններու  միջոցաւ:    Պայթումները  եղած  են    «Ալ Միտան»  շրջանի ոստիկանատան մօտ եւ  պայթումներուն  արդիւնքով  զոհուածներուն   թիւը հասած է 15-ի:

 

 Կը  հաղորդուի նաեւ, որ զոհուածներուն   մէջ   կան   մեծ  թիւով ոստիկաններ: