image
Հրատապ լուրեր:

Կրակոց Երեւանի մէջ. Դիմակաւոր անձ մը թալանի փորձ ըրած է

Կրակոց Երեւանի  մէջ. Դիմակաւոր անձ  մը թալանի փորձ  ըրած է

Դիմակաւոր եւ զինուած անձ մը այսօր առաւօտեան աւազակային յարձակում գործած է Երեւանի Հարաւ-Արեւմտեան թաղամասը գտնուող տարադրամի փոխանակման կէտի վրայ։ Այս մասին լուրը Tert.am-ի հետ զրոյցին հաստատած են ՀՀ ոստիկանութենէն։ 

Հանդիպելով տարադրամի փոխանակման կէտի աշխատակիցի դիմադրութեան՝ անյայտ անձը կրակոցներ արձակած եւ փախուստի դիմած է։ Ըստ նախնական տեղեկութիւններու՝ ան չէ կրցած գումար վերցնել։ 

Ոստիկանութենէն յայտնած են, որ կը ձեռնարկուին միջոցառումներ՝ անոր յայտնաբերելու ուղղութեամբ։