Երկար տարիներէ ի վեր պաշարման տակ եղող Պաղեստինի Կազա քաղաքի քրիստոնեական համայնքի թիւը կը շարունակէ նուազիլ: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Իրպիլի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը յայտնեց, որ վերջին ամիսներուն մօտ 30 երիտասարդներ հեռացած են իրենց ծննդավայր քաղաքէն՝ բռնելով գաղթի ճամբան, մինչ եկեղեցիներու մէջ յաճախակիօրէն տարեցներու թաղման կարգեր կը կատարուին: Միջազգայնօրէն մէկուսացուած վիճակը, աշխատատեղիներու պակասը եւ նոր հակամարտութիւններու սպառնալիքը՝ իրավիճակի փոփոխութեան ոչ մէկ յոյս կը ներշնչեն Կազա քաղաքի քրիստոնեաներուն: Կազայի քրիստոնէութեան թիւը կը գերազանցէ 1000-ը, անոնք կ'ապրին քրիստոնեական հաւատով, իրենց քահանային հետ, որ անդամ է «Մարմնաւորուած Խօսք» հիմնարկին:
Երիտասարդներն ու մայրապետները պարբերաբար պարէնային օգնութիւն կը բաշխեն առաւել խոցելի ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ անկարող հիւանդներուն, որոնք բուժման կարիք ունին:
Ինչպէս կը նշէ մեր աղբիւրը, Ծննդեան տօնէն առաջ 12 ծրագիրներ մեկնարկուած են տեղւոյն լատին համայնքի կողմէ օգնելու համար բնակչութեան օգնութեան: Մարդիկ կը հաւաքուին աղօթելու, կրօնական կրթութիւն ստանալու, ինչպէս նաեւ ժամանցի համար:
Ծխական քահանան յոյս ունի, որ իր համայնքէն 5 երիտասարդներ այս տարի առիթը կ'ունեանան հանդիպելու Հռոմի Պապին հետ, մասնակցելով Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան հանդիսութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Քրաքոֆի մէջ, յուլիսին: Ան նաեւ յոյս ունի, որ Իսրայէլի իշխանութիւնները այս տարի 16-35 տարեկան ուխտաւորներուն թոյլ կու տան մտնել Երուսաղէմ, մասնակցելու աւագ շաբթուան արարողութիւններուն, որոնց մասնակցութիւնը յաճախ Իսրայէլի կողմէ կ'արգիլուի: Ըստ մեր աղբիւրին տուեալներուն, Կազայի մէջ հայեր չկան: