image

Կազայի Քրիստոնեայ Բնակիչները Շրջանէն Կը Հեռանան

Կազայի Քրիստոնեայ Բնակիչները Շրջանէն  Կը  Հեռանան

Երկար   տարիներէ ի վեր պաշարման  տակ եղող  Պաղեստինի Կազա  քաղաքի քրիստոնեական համայնքի թիւը կը շարունակէ նուազիլ: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն  ստացաւ Իրպիլի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը   յայտնեց, որ վերջին ամիսներուն մօտ 30 երիտասարդներ հեռացած են իրենց ծննդավայր քաղաքէն՝ բռնելով գաղթի ճամբան, մինչ եկեղեցիներու մէջ յաճախակիօրէն տարեցներու թաղման  կարգեր կը կատարուին: Միջազգայնօրէն մէկուսացուած վիճակը, աշխատատեղիներու պակասը եւ նոր հակամարտութիւններու սպառնալիքը՝ իրավիճակի փոփոխութեան ոչ մէկ յոյս կը ներշնչեն Կազա  քաղաքի  քրիստոնեաներուն: Կազայի քրիստոնէութեան թիւը կը գերազանցէ 1000-ը, անոնք կ'ապրին քրիստոնեական հաւատով, իրենց քահանային  հետ, որ անդամ է  «Մարմնաւորուած Խօսք»  հիմնարկին:

Երիտասարդներն ու մայրապետները պարբերաբար պարէնային օգնութիւն կը բաշխեն առաւել խոցելի ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ անկարող հիւանդներուն, որոնք բուժման կարիք ունին:

Ինչպէս կը նշէ մեր աղբիւրը, Ծննդեան տօնէն առաջ 12 ծրագիրներ մեկնարկուած են տեղւոյն լատին համայնքի կողմէ օգնելու համար  բնակչութեան օգնութեան: Մարդիկ կը հաւաքուին աղօթելու, կրօնական կրթութիւն ստանալու, ինչպէս նաեւ ժամանցի համար:

Ծխական քահանան յոյս ունի, որ իր համայնքէն 5 երիտասարդներ այս տարի առիթը կ'ունեանան հանդիպելու Հռոմի Պապին հետ, մասնակցելով Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան հանդիսութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Քրաքոֆի մէջ, յուլիսին: Ան նաեւ յոյս ունի, որ Իսրայէլի իշխանութիւնները այս տարի 16-35 տարեկան ուխտաւորներուն թոյլ կու տան մտնել Երուսաղէմ, մասնակցելու  աւագ  շաբթուան արարողութիւններուն, որոնց մասնակցութիւնը  յաճախ  Իսրայէլի  կողմէ կ'արգիլուի:  Ըստ  մեր աղբիւրին տուեալներուն, Կազայի  մէջ  հայեր  չկան: