image

Կարեւոր զարգացում. Սուրիոյ գաղտնի սպասարկութեան ղեկավարը Հռոմ կ'այցելէ

Կարեւոր զարգացում. Սուրիոյ գաղտնի սպասարկութեան  ղեկավարը  Հռոմ  կ'այցելէ

«Ալ Ախպար» թերթը կը գրէ, որ Հռոմ մօտ երկու տարի առաջ նախաձեռնեց Դամասկոսի հետ բարձր մակարդակի երկխօսութեան իրականացման, երբ փոխադարձ այցելութիւններ կայացան զոյգ երկիրներու բարձրաստիճան պաշտօնեաներու միջեւ:

Թերթին ձեռք բերած տեղեկութիւններուն համաձայն, վերջին երկու ամիսներու ընթացքին երկու երկիրներու յարաբերութիւնները վերստին աշխուժացած են, մասնաւորապէս ահաբեկչութեան դէմ պայքարի եւ Իտալիա ապաստանած սուրիացի փախստականներու հարցին շուրջ:

Երկխօսութեան ծիրին մէջ Իտալիա առաջարկած է ապահովել Սուրիոյ եւ Եւրոմիութեան միջեւ կապի հաստատումը Ֆետերիքա Մոկերինիի միջոցով, մինչդեռ սուրիական կողմը մերժած է արաջարկը, նշելով, որ ինք որպէս թեկնածու նկատի ունի Ազգային անվտանգութեան վարչութեան գլխաւոր պետ Ալի Մամլուքը: Սակայն նկատի ունենալով, որ վերջինիս անունը ընդգրկուած է Եւրոմիութեան «Սեւ ցուցակ»ին մէջ, Սուրիոյ առաջարկը մերժուած  է, որմէ ետք շաբաթներ շարունակ բանակցութիւններ իրականացուած են, ուր կողմերէն իւրաքանչիւրը պնդած է իր առաջարկը:

Թերթը յայտնած է, որ խնդիրը լուծում ստացած է այն բանէն ետք, երբ Անվտանգութեան ծառայութեան գլխաւոր տնօրէն Ապպաս Իպրահիմ Հռոմի մէջ հանդիպում ունեցած է Իտալիոյ Հետախուզական ծառայութեան տնօրէնին  հետ, ուր սուրիական հարցի քննարկման ժամանակ կողմերը համաձայնութեան եկած են, որ Սուրիոյ պատուիրակը դէպի Հռոմ Ալի Մամլուք պիտի ըլլայ:

Մամլուք Հռոմի կողմէ ուղարկուած օդանաւով ժամանած է Իտալիա, ուր հանդիպում ունեցած է Ներքին գործոց նախարարին ու Հետախուզական ծառայութեան տնօրէնին հետ: Վերջիններս շեշտած են, որ Եւրոմիութեան կողմէ Սուրիոյ դէմ սահմանուած շրջափակման վերաբերեալ տնտեսական գետնի վրայ Դամասկոս շուտով դրական զարգացումներու ականատես պիտի ըլլայ: