image

Կարեւոր համարուած այցով ՀՀ նախագահը Մոսկուա կը մեկնի

Կարեւոր համարուած այցով ՀՀ նախագահը Մոսկուա կը մեկնի

ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանն այսօր՝ 10 օգոստոսին, աշխատանքային այցով կը մեկնի Մոսկուա։ Այցի ծիրէն ներս ՀՀ Նախագահ Սարգսեան հանդիպում պիտի ունենայ ՌԴ Նախագահ Փութինի հետ: Երկու նախագահներու հանդիպման օրն ու վայրը յստակեցուած էր 3 օգոստոսին:

Ինչպէս հաղորդած էին ՀՀ Նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն, բարձր մակարդակի բանակցութիւններու ընթացքին կը նախատեսուի քննարկել ռազմավարական գործընկեր երկու պետութիւններու միջեւ քաղաքական, առեւտրատնտեսական, մարդասիրական, երկկողմ փոխգործակցութեան ոլորտներու օրակարգի առանցքային խնդիրներ, ինչպէս նաեւ ԵԱՏՄ տարածքին համարակման գործընթացներու զարգացման վերաբերող հարցեր: 

Կը հաղորդուի նաեւ, որ նախագահներ Սերժ Սարգսեանը եւ Վլատիմիր Փութինը միտքեր պիտի փոխանակեն միջազգային եւ տարածաշրջանային շարք մը արդիական խնդիրներու շուրջ: